Բանախօսութիւն՝ Հայոց Լեզուի Բարբառներու Մասին

Поділитися
Вставка
  • Опубліковано 14 бер 2013
  • 28 Դեկտեմբեր ուրբաթ ժամը 19.30-ին Հայ Մշակութային եւ Զօրակցութեան միութեան մէջ տեղի ունեցաւ բանախօսութիւն մը նուիրուած՝ հայերէնի եւ լեզուագիտական այլ նիւթերու շուրջ: Բանախօսութեան գլխաւոր նիւթերը կազմեց աշխարհի լեզուներու քանակը եւ լեզուաընտանիքները, հայոց լեզուի տեղը եւ դերը այդ ընտանիքներուն մէջ, երկու գրական հայերէններու առաջացման պատճառները եւ հիմնական տարբերութիւնները, բարբառ-գրական հայերէն յարաբերակցութիւնը եւայլն: Բանախօսութիւնը ներկայացուց բանասէր եւ դասախօս Տիկին Հայկանուշ Մեսրոպեանը:
    Հայագէտ եւ բարբառագէտ Հայկանուշ Մեսրոպեանը, որպէս բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու եւ տոցէնտ, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիայի աւագ գիտաշխատող է: Որպէս դասախօս՝ դասաւանդած է տարբեր համալսարաններու մէջ: Գարեգին Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան ի վեր կ'աշխատի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ: Այժմ՝ կը դասաւանդէ Էտիրնէի Թրակիոյ համալսարանի հայոց լեզու եւ գրականութեան բաժինը:
    Տիկին Մեսրոպեանը կազմած է Գարեգին Ա.-ի նորաբանութիւններու բառարանը, զոր տպագրուած է Մոնրէալի մէջ: Հեղինակն է քանի մը գիրքերու եւ բազմաթիւ գիտական յօդուածներու: Մասնակցած է բազմաթիւ գիտաժողովներու, որոնցմէ նաեւ Սուրիոյ, Պարսկաստանի եւ Ռուսաստանի մէջ:

КОМЕНТАРІ •