Ձեզի կրնամ բանաստեղծութիւնը ամբողջութեամբ այստեղ տալ։ Յուսամ գոհ կը մնաք։ ԶՐԿԱՆՔԸ Միսաք Մանուշեան Բարեկամներ երբեմն ինծի կը հարցնեն. - Ինչպէ՞ս կ’ապրիս ու միշտ հոգւոյն խորերէն Կ’ըղձաս ուժ տալ յուսալքուած սրտերուն, Մինչդեռ զրկեալ՝ ու նօթի ես յաճախ դուն։ - Երբ քաղաքի փողոցներուն մէջ թափառ՝ Թշուառութեան ու զրկանքին անհամար Հառաչանքներն ու բողոքներն անընդմէջ, Աչքերովս կը հաւաքեմ հոգւոյս մէջ։ Ես զանոնք իմ տառապանքին կը խառնեմ, Կը պատրաստեմ ատելութեան թոյներով, Մի բարկ շիճուկ, որ կը հոսի զերդ արիւն Մարմնոյս, հոգւոյս երակներուն մէջ համբուն։ Գուցէ հեղուկն այս անսովոր թուի ձեզ, Սակայն ան զիս կ’ոգեւորէ վագրի պէս … Ատամներս ու բռունցքներս սեղմ՝ ուժգին, Երբ որ կ’անցնիմ փողոցներէն քաղաքին։ Մարդիկ յաճախ զիս կը կարծեն խենթ գինով. Մինչ երազանքի մ’յոյզերով Պաշարուած են մտածումներս ինքնահոլով, Ու ես կ’երթամ յաղթանակին հաւատքով։ 30- 06-1934, Փարիզ
Շնորհակալություն: Կեցցե՛ք:
Աղջիկս,Մանուշյանին լավ գիտեմ,կնկարես այդ տողերը' ? Որ էջում են...+**12
Ձեզի կրնամ բանաստեղծութիւնը ամբողջութեամբ այստեղ տալ։ Յուսամ գոհ կը մնաք։
ԶՐԿԱՆՔԸ
Միսաք Մանուշեան
Բարեկամներ երբեմն ինծի կը հարցնեն.
- Ինչպէ՞ս կ’ապրիս ու միշտ հոգւոյն խորերէն
Կ’ըղձաս ուժ տալ յուսալքուած սրտերուն,
Մինչդեռ զրկեալ՝ ու նօթի ես յաճախ դուն։
- Երբ քաղաքի փողոցներուն մէջ թափառ՝
Թշուառութեան ու զրկանքին անհամար
Հառաչանքներն ու բողոքներն անընդմէջ,
Աչքերովս կը հաւաքեմ հոգւոյս մէջ։
Ես զանոնք իմ տառապանքին կը խառնեմ,
Կը պատրաստեմ ատելութեան թոյներով,
Մի բարկ շիճուկ, որ կը հոսի զերդ արիւն
Մարմնոյս, հոգւոյս երակներուն մէջ համբուն։
Գուցէ հեղուկն այս անսովոր թուի ձեզ,
Սակայն ան զիս կ’ոգեւորէ վագրի պէս …
Ատամներս ու բռունցքներս սեղմ՝ ուժգին,
Երբ որ կ’անցնիմ փողոցներէն քաղաքին։
Մարդիկ յաճախ զիս կը կարծեն խենթ գինով.
Մինչ երազանքի մ’յոյզերով
Պաշարուած են մտածումներս ինքնահոլով,
Ու ես կ’երթամ յաղթանակին հաւատքով։
30- 06-1934, Փարիզ
Թերթը,ամսագիրը,գրքի շապիկը նկարիր,որտեղ է տպագրված,եթե' ոչ մի տեղ' Ձեռագիրը որտեղ է պահպանված,ինձ' փաստն է հետաքրքրում։
@@AlaAslanyanHAYKADON Ահաւասիկ կապը. տուեալ բանաստեղծութիւնը էջ 53-ի վրայ է. bina.bulac.fr/ARM/BIULO.MEL.8.1372.1