ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Поділитися
Вставка
  • Опубліковано 9 жов 2024
  • Շաբաթ, 18 Յուլիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան Հայրապետական թափօրը ծայր առաւ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն եւ ուղղուեցաւ դէպի Վանքի շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը, որուն առջեւ տեղի ունեցաւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը պահպանող պատմական արկղը շալկող երկու եպիսկոպոսներ, Սուրբ Էջմիածնի Միւռոնը, հին Միւռոնը, բալասանը եւ վարդի իւղը բռնող եպիսկոպոսներ, առաւել տասներկու զգեստաւորուած եպիսկոպոսներ առաջնորդեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Հազարաւոր ուխտաւորներ, որոնք եկած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերէն՝ հեռաւոր հիւսիսային ու հարաւային Ամերիկաներէն, Եւրոպայի զանազան երկիրներէ, Պարսկաստանէն, Արաբական երկիրներէ ողողած էին Սուրբ Աստուածածին Վանքի հսկայ շրջափակը: Հոծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն էր, մեր ժողովուրդի ամուր կապուածութեան ու հաւատարմութեան հանդէպ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ անոր հաւատքի առաքելութեան:

КОМЕНТАРІ • 4