Աստուած երբ որ տեսնայ սէրը, խոստում ունի զօրացնելու

Поділитися
Вставка
  • Опубліковано 25 жов 2024
  • Նորին Ամենապատուութիւնը եւ նախ անդրադարձաւ Կարօ Գաբրիէլեանի դէմ գործուած արարքին ու նման պարագաներուն՝ զգայնութեան հրաւիրեց ողջ համայնքը:
    Մեր Հոգեւոր Պետը ծանրացաւ զօրակցութիւն բառին վրայ, որմէ մեկնելով բացատրեց օրուան սուրբգրական հատուածը: Յիշեցուց Պօղոս Առաքեալի խօսքը, ուր ան ողջ աստուածաբանութիւնը կը հիմնէր երեք պարզ հիմերու վրայ. հաւատք, յոյս եւ սէր: Պատրիարք Հայրը ապա պատմեց Աւետարանական հատուածը, որ անդամալոյծի մը տանիքը բանալով Յիսուսի բերուելու դէպքն էր: Այստեղ անդամալոյծին բարեկամները հաւատք ունէին, յոյս ունէին եւ սէր ունէին եւ Յիսուս տեսաւ այս բոլորը:
    Նորին Ամենապատուութիւնը դասեր քաղելով աւանդեց հաւատացեալներուն: Սիրող, լաւ բարեկամներ ունենալ խրատեց մեր Հոգեւոր Պետը: Ապա հանգամանօրէն խօսեցաւ սիրոյ եւ անոր տեսակներուն մասին: «Եւ Աստուած խոստում ունի սէրը զօրացնելու» ըսաւ Պատրիարք Հայրը:

КОМЕНТАРІ • 42