Նիւթ, (Դանիէլի Հաւատքը)։ ԴԱՆԻԷԼ

Поділитися
Вставка
  • Опубліковано 4 тра 2024
  • ”Երբ Դանիէլ իմացաւ թէ հրովարտակը ստորագրուեցաւ, իր տունը գնաց։ Իր սենեակին պատուհանները դէպի Երուսաղէմ բաց էին։ Օրը երեք անգամ ծունկի վրայ գալով կ’աղօթէր ու իր Աստուծոյն գոհութիւն կը մատուցանէր իր նախկին սովորութեանը պէս։ Ուստի այս մարդիկը հաւաքուեցան ու Դանիէլը գտան, որ իր Աստուծոյն առջեւ աղօթք ու աղաչանք կ’ընէր։ Այն ատեն մօտեցան ու թագաւորին առջեւ թագաւորին արգելիչ օրէնքին համար ըսին. «Դուն արգելիչ օրէնք մը չստորագրեցի՞ր, թէ ով որ մինչեւ երեսուն օր բան մը խնդրէ քեզմէ զատ ոեւէ աստուծմէ կամ մարդէ, ո՛վ թագաւոր, առիւծներուն գուբը նետուի»։ Թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Այդ խօսքը ճշարիտ է՝ Մարերու ու Պարսիկներու անխափանելի օրէնքին համեմատ»։ Այն ատեն անոնք թագաւորին ըսին. «Հրէաստանի գերութեան որդիներէն Դանիէլը քեզ եւ քու ստորագրած արգելիչ օրէնքդ բանի տեղ չի դներ, ո՛վ թագաւոր ու օրը երեք անգամ իր խնդրանքը կը մատուցանէ իր Աստուծոյն»։ Այն ատեն թագաւորը այս խօսքերը լսածին պէս՝ շատ տրտմեցաւ ու մտածեց Դանիէլը ազատել ու մինչեւ արեւուն մտնելը ջանաց զանիկա ապրեցնել, Բայց այն մարդիկը թագաւորին քով եկան ու թագաւորին ըսին. «Ո՛վ թագաւոր, գիտցիր թէ Մարերու ու Պարսիկներու օրէնքը այս է, որ թագաւորին հաստատած ոեւէ արգելիչ օրէնք ու հրաման չի փոխուիր»։ Այն ատեն թագաւորը հրամայեց, որ Դանիէլը բերեն եւ զանիկա առիւծներուն գուբը նետեն։ Թագաւորը Դանիէլին խօսեցաւ ու ըսաւ. «Քու Աստուածդ, որ դուն անդադար կը պաշտես, անիկա քեզ պիտի ազատէ»։ Ու քար մը բերին ու գուբին բերանը դրին։ Թագաւորը զանիկա իր կնիքովը ու իր մեծամեծներուն կնիքովը կնքեց, որպէս զի Դանիէլին վիճակը չփոխուի։ Ետքը թագաւորը իր տունը գնաց ու գիշերը անօթի անցուց։ Իր առջեւ նուագարաններ բերել չտուաւ ու քունը փախաւ։ Թագաւորը արշալոյսին կանուխ ելաւ ու արտորնօք առիւծներուն գուբը գնաց։ Երբ գուբին մօտեցաւ, տրտում ձայնով մը Դանիէլին պոռաց, եւ թագաւորը Դանիէլին ըսաւ. «Ո՛վ Դանիէլ, կենդանի Աստուծոյ ծառան, քու Աստուածդ, որ դուն անդադար կը պաշտես, կարող եղա՞ւ քեզ առիւծներէն ազատել»։ Այն ատեն Դանիէլ թագաւորին պատասխանեց. «Ո՛վ թագաւոր, յաւիտեան ո՛ղջ կեցիր. Իմ Աստուածս իր հրեշտակը ղրկեց ու առիւծներուն բերանը գոցեց ու ինծի չվնասեցին. վասն զի անոր առջեւ անմեղ գտնուեցայ եւ քու առջեւդ ալ, ո՛վ թագաւոր, յանցանք մը գործած չեմ»։“ ‭‭ԴԱՆԻԷԼ‬ ‭6‬:‭10‬-‭22‬

КОМЕНТАРІ •